Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն մտադիր չէ «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակին` «Օմիքրոն»-ի պատճառով Պէյճինկի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը ջնջել:
Նշուեցաւ, որ անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրուին` յաջողցնելու համար այս խաղերը, մանաւանդ որ ամէն ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի դիւրացնելու համար կազմակերպիչ յանձնախումբին աշխատանքները, ըլլան անոնք թեքնիք հարցեր կամ մարզիկներու անվտանգութիւնը ապահովող տարբեր տեսակի նախազգուշացումներ:
Ըստ օրէնքի, խաղերուն անվտանգ կայացումը ապահովելու համար 20 յունուար 2022-ին պիտի գումարուի յատուկ նիստ մը: