Սպանական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնա իր նախկին ֆութպոլի մարզիչին` Քիքէ Սեթիենին 4 միլիոն եւրօ փոխհատուցում պիտի վճարէ` անոր հետ պայմանագրութիւնը վաղաժամ միակողմանի խզելուն համար:
Կողմերը իրարու հետ հասան խաղաղ համաձայնութեան:
Այս համաձայնութեան շնորհիւ, այսպիսով Պարսելոնա կը խուսափի դատավարութենէն: Եթէ 63 տարեկան մասնագէտը դատավարութեան երթար, կրնար մինչեւ 14 միլիոն եւրօ փոխհատուցում ստանալ:
Ան Պարսելոնայի մարզիչ նշանակուած էր 13 յունուար 2020-ին եւ նոյն տարին` 17 օգոստոսին, ակումբին կողմէ պաշտօնազրկուած էր: