Երէկ երեկոյեան Պաղտատի մէջ (Իրաք) տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) 2-րդ ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Լիբանան եւ Իրաք:
Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը, դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն:
Իրաք տիտղոսը պահեց իր մօտ` փենալթիներով 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լիբանանը:
Լիբանանցի մարզիկները թէեւ առաջին երկու փենալթիները յաջողեցան հասցնել իրենց թիրախին, սակայն վերջին երեքին անոնք ձախողեցան գնդակը զետեղել մրցակիցին բերդին մէջ:
Բայց եւ այնպէս, պէտք է ըսել, որ Լիբանանի երիտասարդներու ազգային խումբը ունեցաւ բացառիկ ելոյթ մը: