Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող ուրուկուէյցի 34 տարեկան յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Պարսելոնայի հետ, այս մասին յայտնեց անգլիական «Տը Թայմզ»-ը:
Յառաջիկայ ամրան անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի մանչեսթըրեան ակումբին հետ, եւ ան անվճար կրնայ միանալ սպանացի Չաւիի գլխաւորած կազմին` Պարսելոնայի:
Ցարդ յայտնի չէ Պարսելոնայի դիրքորոշումը` այս ուղղութեամբ: