Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Երեւանի Նայիրի մարզադաշտին վրայ երէկ տեղի ունեցած Ալաշկերտ-Արարատ մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Հայաստանի գործող ախոյեան Ալաշկերտի միակ կոլը նշանակեց Իսմայիլ Ֆոֆանա Պեքօ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ալաշկերտ 16 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը, մինչ Արարատ 27 կէտով` երրորդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Արարատ-Արմենիա, որ ապահոված է 40 կէտ: