Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 5-րդ մրցումին եւս արձանագրուեցաւ հաւասարութիւն:
31 տարեկան նորվեկիացի աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն (2855), որ սեւ քարերով կը մրցէր նոյն տարիքը ունեցող ռուս Եան Նեփոմնիաչիի դէմ (2782), արձանագրեց այլ հաւասարութիւն մը` 43-րդ շարժումին:
Նշենք, որ 2013-ին հնդիկ Վիշվանաթան Անանտին յաղթելէ եւ աշխարհի ախոյեան հանդիսանալէ ետք, Քարլսըն չորրորդ անգամ ըլլալով կը պաշտպանէ ախոյեանութեան տիտղոսը:
Աշխարհի ախոյեան հանդիսացողը պիտի ստանայ 1,2 միլիոն եւրօ, մինչ փոխախոյեանը` 800 հազար եւրօ: