Լիբանանի ֆութպոլի տղոց ազգային խումբը, որ կը գտնուի Տոհա (Քաթար), իր մասնակցութիւնը բերելու համար ՖԻՖԱ-Արաբական ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին (Քաթար-2021), այսօր պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 15:00-ին պիտի մրցի Եգիպտոսի դէմ:
Նշենք, որ Դ. խմբակին մէջ Լիբանան իր դէմ պիտի ունենայ նաեւ Ալճերիան եւ Սուտանը:
Մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ գերմանացի Տանիել Սիեպերթ:
Երէկ, բացման արարողութեան ընթացքին, մասնակցող այլ խումբերուն նման, դաշտին ամբողջ տարածութեան վրայ ծածանեցաւ Լիբանանի դրօշակը:
Բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, որ մարզիկներուն մաղթեց յաջողութիւն` իրենց կատարելիք մրցումներուն մէջ: