Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը, որ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ հիւրընկալեց Նորվեկիան, անկէ կրեց 10-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը:
Երեքշաբթի, 30 նոյեմբերին սկսած այս մրցումը շարունակուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին:
Անիկա 70-րդ վայրկեանին ընդհատուած էր զօրաւոր մառախուղին պատճառով, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 9-0 արդիւնքով: Հիւր կազմը երէկուան մրցումին նշանակեց կոլ մը եւս:
Նշենք, որ երթի մրցումին եւս Նորվեկիա արձանագրած էր 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նորվեկիա այժմ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը` 16 կէտով:
Հայրենի կազմը, որուն գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Սանամեան, ո՛չ միայն իր կատարած վեց մրցումներուն բոլորին պարտութիւն կրած է, այլ նոյնիսկ չէ յաջողած կոլ մը նշանակել` իր բերդին մէջ ստանալով 46 կոլ: