Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Պիպլոս-Հուփս ճակատումը:
Անիկա աւարտեցաւ Հուփսի յաղթանակով` 85-60 արդիւնքով (16-19, 14-20, 19-21 եւ 11-25):
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Հիշամ Հըլու (12 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր ժամը 19:30-ին տեղի կ՛ունենայ Անիպալ Զահլէ-Աթլաս Ֆըրզոլ մրցումը: