Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 6-4, 6-0 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Պենժամին Պոնզին:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 4 վայրկեան:
Այս մրցաշարքին 28-րդ դասուած Խաչանով Գ. հանգրուանին պիտի ճակատի 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած եւ այս մրցաշարքին գծով 6-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ:
Նատալ երէկ իր յաղթանակը արձանագրեց գերմանացի Եաննիք Հանֆմանի դէմ` 6-2, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցումներուն թիւ մէկ դասուած աւստրալիացի Էշլէյկ Պարթի իր կարգին ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իտալացի Լուչիա Պրոնզեթթին:
Երկուքին պարագային ալ յիշատակելի ոչ մէկ անակնկալ արձանագրուեցաւ:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր հիմնադրամը կը կազմէ 54 միլիոն ամերիկեան տոլար: