«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ գնեց «Քորոնա» ժահրին դէմ դեղ արտադրող դանիական «ՔուանթՊիօՌես» ընկերութեան բաժնետոմսերուն 80 տոկոսը:
Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ճոքովիչ նախորդ տարի երկու անգամ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով:
Նկատի ունենալով, որ ան վերոնշեալ ժահրին դէմ չէր պատուաստուած, վտարուեցաւ Աւստրալիայէն` իր մասնակցութիւնը չբերելով կրան շլեմի այս միջազգային բաց մրցաշարքին, որուն տիրացած է եօթը անգամ:



