Լոնտոնեան Արսենալին մաս կազմող յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, որ իր երկրին` Կապոնի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Քամերունի մէջ կը մասնակցէր ափրիկեան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, լքեց իր հաւաքականը` վերադառնալու համար Անգլիա:
Կապոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը «Քորոնա» ժահրով վարակուելէն ետք սրտի հետ կապուած խնդիրներ սկսած է ունենալ:
Նշուեցաւ, որ նախորդ 6 յունուարին անոր «Քորոնա» ժահրի քննութեան արդիւնքը դրական ելած էր: