Ռուսական մարզական մամուլին համաձայն, Ռուսիա կը մտադրէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել` հիւրընկալելու համար «ԵՒՐՕ-2032»-ը:
«ԵՒՐՕ-2024»-ը պիտի հիւրընկալէ Գերմանիա, մինչ «ԵՒՐՕ-2028»-ը հիւրընկալելու համար առաջարկ ներկայացուցած են Պուլկարիա, Ռումանիա, Յունաստան-Սերպիա (միատեղ) եւ Թուրքիա:
Նշենք, որ Ռուսիա 2018-ին հիւրընկալեց աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` Մոնտիալը, 11 քաղաքներու մէջ:



