Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Պէյճինկի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն վեց մասնակիցներ:
Անոնք պիտի ըլլան Միքայէլ Միքայէլեան, Քաթիա Գալստեան, Անկելինա Մուրատեան, Յարութիւն Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ զոյգը:
Նշենք, որ միայն վերջին երկուքը ողիմպիականի արտօնագիր ունին: