Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին թենիսի 20 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած եւ այժմ տղոց միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ անուանի թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ կը պատրաստուի դատ բանալու Աւստրալիոյ կառավարութեան դէմ, այս մասին երէկ յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ ան Աւստրալիոյ կառավարութենէն պիտի պահանջէ 4,36 միլիոն ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ յաւելեալ 3,13 միլիոն ամերիկեան տոլար մրցանակային գումար` նկատի ունենալով, որ եթէ ան մրցաշարքին մասնակցէր, տիտղոսին տիրանալու մեծ յոյսեր ունէր:
Ան նաեւ ըսաւ, որ Մելպուռնի մէջ իր իջեւանած պանդոկին մէջ անձնակազմին կողմէ շատ գէշ վերաբերմունքի արժանացած է:



