Երէկ` երեքշաբթի, 18 յունուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեց իր հիմնադրութեան 30-ամեակը:
Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ.
«Սրտանց կը շնորհաւորենք բոլոր անոնց, որոնք 30 տարուան ընթացքին իրենց օգտակարութիւնը ունեցան ֆետերասիոնին:
Բոլոր ֆութպոլիստներուն կը մաղթենք բազմաթիւ յաղթանակներ:
30-ամեակի կապակցութեամբ, այս տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ միջոցառումներ, որոնց պիտի անդրադառնանք մօտիկ ապագային»: