Կիպրոսի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Անորթոսիս, որ երէկ հիւրը եղաւ Փաֆոսին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին երկրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան` 71-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Համբարձումեան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:



