Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող խումբերէն Փիւնիկ Երեւան, նախապատրաստուելու համար 2021-2022 տարեշրջանի երկրորդ բաժինին, 19 յունուարէն 13 փետրուար ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ:
Այս ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին երեւանեան կազմը պիտի կատարէ նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:
Մրցակից խումբերուն անունները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ:
Նշենք, որ տարեշրջանի երկրորդ բաժինի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Փիւնիկ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ալաշկերտը: