Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք յաջորդ մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ս. Ծննդեան արձակուրդի միջոցին Արժանթինի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած Մեսսի ցարդ բացակայ կը մնայ ֆութպոլի դաշտերէն:
Այսպիսով, ան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Չիլիի (28 յունուար) եւ Քոլոմպիոյ (2 փետրուար) տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:
Նշենք, որ Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ Արժանթին արդէն իսկ ապահոված է 2022-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: