Հայաստանի ճատրակի 2022 տարուան տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, կը մօտենան իրենց աւարտին:
Տղոց 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Տիգրան Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան:
Իսկ Տէր Սահակեան-Սարգսեան եւ Գաբուզեան-Փաշիկեան հանդիպումները աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքը 5,5 կէտով կը գրաւէ Մանուէլ Պետրոսեան:
Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Շանթ Սարգսեան ունին 4,5-ական կէտ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, նախավերջին հանգրուանի հանդիպումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Վերոնիքա Խաչատրեան եւ Մարիա Գէորգեան:
Աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ 6-ական կէտով յառաջատարներն են Մարիամ Մկրտչեան եւ Մարիա Գէորգեան:
Անոնք երկուքը այսօր կը մրցին իրարու դէմ, եւ այս հանդիպումին լոյսին տակ կը յստականայ Հայաստանի ախոյեանին անունը:



