Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման 25-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ Կարէն Խաչանով նախորդ շաբաթավերջին իր «Ինսթակրամ»-ի էջէն հեռացուց Ռուսիոյ եւ Հայաստանի դրօշները:
Նշենք, որ Խաչանովէն առաջ, տղոց դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Տանիիլ Մետվետեւ իր կարգին ընկերային ցանցերու իր էջերէն հանեց Ռուսիոյ դրօշը:
10 մարտին Ինտիըն Ուէյլզի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) կը սկսի թենիսի Մասթըրզի մրցաշարքը:
Ռուսիոյ մարզիկները միջազգային մրցաշարքերուն հանդէս պիտի գան չէզոք կարգավիճակով:


