Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Անդրանիկ Պէյրութ-Պէյրութ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, աւարտեցաւ հիւր կազմին բաւական մեծ յաղթանակով` 111-58 արդիւնքով (13-30, 11-36, 16-27 եւ 18-18):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պէյրութէն Ժերար Հատիտեան (26):
Անոր խմբակից Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 20 կէտ, իսկ Հայկ Կէօքճեան` 11 կէտ:
Իսկ Անդրանիկէն 20 կէտ նշանակեց Եուսեֆ Ղանթուս:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ ժամը 19:30-ին տեղի կ՛ունենայ Անիպալ Զահլէ-Ռիատի Պէյրութ մրցումը:


