Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Ռէալ Սոսիետատը, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 4-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Էտուարտօ Քամաւիսքա, Լուքա Մոտրիչ, Քարիմ Պենզեմա եւ Մարքօ Ասենսիօ:
Մրցումին ազդանշանին տրուելէն առաջ, երկու խումբերը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ուքրանիոյ, որ յարձակման կ՛ենթարկուի Ռուսիոյ կողմէ:
Պենզեմա, որ այսպիսով նշանակեց իր 20-րդ կոլը, յաջորդաբար 6-րդ տարեշրջանն ըլլալով կը նշանակէ նուազագոյնը 20 կոլ:
Ան այսպիսով հաւասարեցաւ արքայական ակումբին պատմութեան մէջ այս ցուցանիշը հաստատած Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյին, Ֆերենք Փուշքաշին եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռէալ Մատրիտ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 63 կէտ:
Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Էլչէին, արձանագրեց քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը` 2-1 արդիւնքով:
Քաթալոնական կազմին յաղթական կոլը նշանակեց նետերլանտցի յառաջապահ Մեմֆիս Տեփայ, 84-րդ վայրկեանին` փենալթիով:
Պարսա այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 48 կէտ:


