Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («ԵՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ.»), հետեւելով միջազգային ողիմպիական կոմիտէին առաջարկներուն, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ըմբիշները հեռացուց միջազգային մրցումներէն, Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ կատարած յարձակումներուն պատճառով:
Երկու երկիրներն ալ զրկուեցան միջազգային մրցումներ հիւրընկալելու իրաւունքէն, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ այս որոշումէն առաջ, Ռուսիոյ երիտասարդական հաւաքականը արդէն իսկ հրաժարած էր իր մասնակցութիւնը բերել 7-13 մարտին Պուլկարիոյ Փլովտիվ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:


