Նոա-Ալաշկերտ եւ Վան-Արարատ մրցումներով սկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանը:
Գործող ախոյեան Ալաշկերտ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Արտակ Եդիգարեանի նշանակած կոլին շնորհիւ (66-րդ):
Իսկ երկրորդ մրցումին, Արարատ Չարենցաւանի մէջ նոյն արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վանը:
Մրցումին միակ կոլը 17-րդ վայրկեանին նշանակեց միջնապահ Գոռ Մալաքեան:
18 մրցում կատարած Արարատ այժմ ունի 34 կէտ, իսկ 16 մրցում կատարած Ալաշկերտ` 24 կէտ:
Նոա, որ կատարած է 17 մրցում, ունի 23 կէտ, իսկ Վան (17 մրցում)` 11 կէտ:
Այլ մրցումի մը, Փիւնիկ, որ Վայքի «Արեւիկ» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալուեցաւ Նորավանքի կողմէ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Երեւանեան կազմէն տուպլէ մը իրագործեց փորթուգալցի 33 տարեկան յետսապահ Ուկօ Ֆիրմինօ (33-րդ եւ 89-րդ):