Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իր միջազգային ասպարէզին` հաւաքականին հետ: Ան այս առիթով կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը:
«Կը յիշեմ, երբ առաջին անգամ կրեցի ազգային հաւաքականին մարզաշապիկը` Փանամայի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին, եւ երբ նշանակեցի իմ առաջին կոլս` Էսթոնիոյ դէմ տեղի ունեցած Մոնտիալի զտումի մրցումին:
Վերջին 15 տարիներուն մեծ պատիւով կրեցի հաւաքականին շապիկը, իսկ վերջին վեց տարիներուն աւելի մեծ պատիւով ստանձնեցի խմբապետի պաշտօնը:
95 միջազգային մրցումներու մասնակցելէ ետք, այժմ կու գամ ցտեսութիւն ըսելու հաւաքականին:
Յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին աւելի կեդրոնացած պիտի ըլլամ մաս կազմած ակումբիս ելոյթներուն վրայ:
Յաջողութիւն կը մաղթեմ իմ ազգային հաւաքականիս, որուն հետ սրտով միշտ պիտի ըլլամ մօտիկ»:
Բնականաբար անոր ազգային հաւաքականէն հեռացման մասին անդրադարձ ունեցան շատեր, որոնց կարգին` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան եւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոաքին Քափարոս:
Մելիքբէկեան ըսաւ, որ բնականաբար Մխիթարեան կայացուց ճիշդ որոշում մը, որուն պէտք է նայիլ ամենայն յարգանքով: Հետեւաբար, ըսաւ Մելիքբէկեան, անոր կրնանք մաղթել միայն յաջողութիւն:
Իսկ Քափարոս ըսաւ, որ անոր այս յայտարարութեան ի տես, հայկական ֆութպոլին եւ ազգային հաւաքականին համար անիկա եղաւ տխուր օր մը:
Սպանացին ըսաւ, որ իրեն համար մեծ պատիւ էր մարզել Մխիթարեանի պէս ֆութպոլիստ մը:


