Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 14 տարեկան Միքայէլ Աւանեսեան Թուրքիոյ մէջ (Անթալիա) դարձաւ Եւրոպայի զարգացման թենիսի ախոյեանութեան տիտղոսակիր:
Աւարտականին ան 4-6, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց իր թուրք մրցակիցին:
Իսկ տղոց զոյգի մրցումներուն, Միքայէլ Աւանեսեան- Դաւիթ Պօղոսեան Հայաստանի զոյգը գրաւեց երրորդ դիրքը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին եւրոպական 11 երկիրներու ներկայացուցիչներ:


