Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Անի Յովսէփեան մետալով մը վերադարձաւ Պուլկարիայէն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած Սթրանջայի 73-րդ միջազգային մրցաշարքին, Յովսէփեան հասնելով կիսաւարտականին, բաւականացաւ պրոնզ մետալով:
Նշենք, որ հայրենի կազմը Պուլկարիա մեկնած էր մարզիչ Յակոբ Մելքոնեանի գլխաւորութեամբ: