Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Պրիմօ» ճաշարանին մէջ (Էշրեֆիէ), Պէյրութ ակումբին վարչութիւնը, ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու, պատուեց իր նախագահը` Նետիմ Հաքիմը, որ վերջերս ընտրուեցաւ Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնին փոխնախագահ:
Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան փարալիմփիք յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Ապի Ռամիա, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլասի ներկայացուցիչը` Իպրահիմ Շուէյրի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կարգ մը անդամները, Ա. դասակարգի ակումբներու ներկայացուցիչներ, հովանաւորող ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ մարզական լրագրողներ:
Այս երեկոյին ընթացքին բոլոր խօսք առնողները բարձր գնահատեցին Հաքիմի ձեռք ձգած այս բացառիկ յաջողութիւնը, ինչ որ շատ կարեւոր իրագործում մը կարելի է նկատել նաեւ Լիբանանի համար:
Իր կարգին խօսք առնելով Նետիմ Հաքիմ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր զինք շնորհաւորողներուն, ինչպէս նաեւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանին եւ Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Իսմայիլ Քըրքաուիին:
Հաքիմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ լիբանանեան մարզական մամուլին, որ եղաւ եւ կը շարունակէ մնալ իր կողքին: