Ֆրանսական հանրածանօթ «Լը Փարիզիեն» օրաթերթը յայտնեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը նոր առաջարկ մը ներկայացուցած է խումբին 23 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէին:
Անիկա պատրաստ է ֆութպոլիստին վճարելու տարեկան 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Մինչեւ 2024 իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու համար Էմպափէ պիտի ստանայ նաեւ յաւելեալ 100 միլիոն եւրօ յաւելավճար:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը ֆրանսական կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան յառաջիկայ ամրան ընթացքին պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Ռէալ Մատրիտի հետ, որ իր կարգին տարեկան 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձ պատրաստ է վճարելու:
Ընթացիկ տարեշրջանին երիտասարդ ֆութպոլիստը մայրաքաղաքի կազմին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 34 մրցումի, նշանակած 24 կոլ եւ կատարած 17 էսիսթ:


