Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին յաջողեցաւ իր արձանագրած տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ տիրանալ ոսկի մետալի` յենացատքի մրցումներուն:
Արթուր Դաւթեանէն առաջ օղակներու մրցումի աւարտականին իր կարգին ոսկի մետալի տիրացած էր Վահագն Դաւթեան, մինչ Արթուր Աւետիսեան տիրացած էր արծաթ մետալի:
Իսկ Յարութիւն Մերդինեան բաւականացած էր պրոնզ մետալով` նժոյգի մրցումներուն:


