Մարզական

Փարիզ Սեն Ժերմեն Տարեկան 100 Միլիոն  Եւրօ Աշխատավարձ Առաջարկեց Էմպափէին

Փարիզ Սեն Ժերմեն Տարեկան 100 Միլիոն Եւրօ Աշխատավարձ Առաջարկեց Էմպափէին

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը աշխուժօրէն կը շարունակէ իր բանակցութիւնները խումբին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի հետ` անոր հետ համագործակցութիւնը երկարաձգելու նպատակով: «Ինտիփենտընթ» յայտնեց, որ փարիզեան ակումբը 23 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկեց տարեկան 100 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Մայրաքաղաքի կազմը կ՛ուզէ նուազագոյնը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը կնքել ֆութպոլիստին հետ: Էմպափէ կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ,...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայէրն Միւնիխ Բարելաւեց  Իր Հաստատած Մրցանիշը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Բարելաւեց Իր Հաստատած Մրցանիշը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ դարձի հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի ունեցան վերջին երկու օրերուն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 7-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք աւստրիական Սալզպուրկին (երթի արդիւնք` 1-1), 20-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Ան այսպիսով բարելաւեց իր հաստատած մրցանիշը` նկատի ունենալով, որ ցարդ որեւէ ակումբ չէ յաջողած իրագործումը կատարել: Պարսելոնա ատիկա իրագործած է 18 անգամ:...

Փինկ Փոնկ.  Ապու Զէյտ-Քոփալի  Պայմանագիրի Կնքում

Փինկ Փոնկ. Ապու Զէյտ-Քոփալի Պայմանագիրի Կնքում

«Արտ Ապիատ» միութեան նախագահ, նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Քոփալի իրարու հետ կնքեցին պայմանագրութիւն մը, որուն համաձայն, վերոնշեալ միութիւնը պիտի հովանաւորէ 14-20 նոյեմբերին տեղի ունենալիք փինկ փոնկի տարիքային միջազգային մրցաշարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժեզզինի մէջ գտնուող Ժուլիան եւ Լինտա Սալիմ մարզահամալիրին մէջ: Նշենք, որ այս համաձայնագիրի կնքումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի...

Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Ընկերութիւններու Մրցաշարքը`  Մասնակցութեամբ 16 Խումբերու

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Ընկերութիւններու Մրցաշարքը` Մասնակցութեամբ 16 Խումբերու

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հաւանութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, այսօր` չորեքշաբթի, 9 մարտին, կը սկսի ընկերութիւններու պասքեթպոլի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 16 խումբերու: Մրցումները տեղի պիտի ունենան «ԷՄ.-13»-ի մարզադաշտին վրայ (Նաքքաշ): Ներկայութեամբ անոր մասնակցող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն տեղի ունեցած վիճակաձգութիւնը տուաւ հետեւեալ արդիւնքը. Ա. խմբակ. Արամեքս, Նըժէյմ Հոմ Տիքեր, Զիքոլա եւ Լոքըլ Հոսթ Բ. խմբակ. Մուսալլեմ Կրուփ, «ԱՅ. ԹԻ. ՃԻ.», Ֆաթթալ եւ Մուլթի...

Ճորճիօ Պետրոսեան Պիտի Մրցի  Թուրք Ֆաթիհ Այտընի Դէմ

Ճորճիօ Պետրոսեան Պիտի Մրցի Թուրք Ֆաթիհ Այտընի Դէմ

Քիքպոքսինկի «ՔԷՅ-1»-ի անուանի մարտիկ, Իտալիոյ մէջ բնակող Ճորճիօ (Գէորգ) Պետրոսեան իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 30 ապրիլին, իտալական Միլանօ քաղաքին մէջ: 70 քկ դասակարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող հայ մարտիկին մրցակիցը պիտի ըլլայ թուրք Ֆաթիհ Այտըն: Նշենք, որ իր կատարած նախորդ մենամարտին ընթացքին Պետրոսեան պարտուած էր թայլանտցի Սուպերպօ Պանչամեքէն` 8 տարուան մէջ կրելով իր առաջին պարտութիւնը:

Թենիս.  Նովաք Ճոքովիչ Կրնայ Մասնակցիլ  «Ռոլան Կարոս»-ին

Թենիս. Նովաք Ճոքովիչ Կրնայ Մասնակցիլ «Ռոլան Կարոս»-ին

Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ անուանի թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ իր մասնակցութիւնը կրնայ բերել Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան-Կարոս»-ին, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ Ֆրանսա կը մեղմացնէ «Քորոնա» ժահրին դէմ հաստատուած օրէնքին սահմանափակումները` չեղեալ նկատելով ՔՈՎԻՏ-ի անձնագիրները: Մարզադաշտեր եւ հանրային այլ վայրեր այցելելու համար պատուաստուած ըլլալը պարտադիր չէ: Սերպ մարզիկը «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուած...

Օտար Ֆութպոլիստները Կրնան Միակողմանի  Խզել Իրենց Պայմանագրութիւնները  Ռուսական Ակումբներուն  Հետ

Օտար Ֆութպոլիստները Կրնան Միակողմանի Խզել Իրենց Պայմանագրութիւնները Ռուսական Ակումբներուն Հետ

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, համաձայնութեան գալէ ետք «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին հետ, որոշեց արտօնել Ռուսիոյ մէջ հանդէս եկող բոլոր օտար ֆութպոլիստներուն իրենց ստորագրած պայմանագրութիւնները միակողմանիօրէն խզել ռուսական ակումբներուն հետ եւ հեռանալ Ռուսիայէն: Նոյնն է պարագան նաեւ Ուքրանիոյ մէջ հանդէս եկող օտար ֆութպոլիստներուն` նկատի ունենալով, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները միջազգային ընտանիքին կողմէ կը բազմանան` անոր զինուած ուժերուն կողմէ Ուքրանիա ներխուժման համար:...

Եուվենթուսի Միջնապահին Համար  Տարեշրջանը Վերջ Գտաւ

Եուվենթուսի Միջնապահին Համար Տարեշրջանը Վերջ Գտաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին («Քալչիօ») մէջ հանդէս եկող Եուվենթուսի ամերիկացի միջնապահ Ուեսթըն Մաքքենիի համար տարեշրջանը վերջ գտաւ` նկատի ունենալով, որ ան սպանական Վիարէալի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ-Լիկ») ձախ ոտքի կոտրուածք ստացաւ: 23 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ յառաջիկայ ամառ դժուար թէ կարենայ ապաքինիլ: Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 16 մարտին (երթի մրցում` 1-1): Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին...

Եւրոպական Երեք Ակումբ  Հետաքրքրուած` Լուիս Սուարեզով

Եւրոպական Երեք Ակումբ Հետաքրքրուած` Լուիս Սուարեզով

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզով հետաքրքրուած են եւրոպական քանի մը ակումբներ, յայտնեց սպանական «Մարքա» անուանի մարզական օրաթերթը: Նշուեցաւ, որ ամրան ընթացքին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլանը, սպանական Սեւիլլան եւ նետերլանտեան Այաքս Ամսթերտամը աշխատանք պիտի տանին ձեռք ձգելու համար 35 տարեկան ֆութպոլիստը: Սուարեզի պայմանագրութիւնը մատրիտեան ակումբին հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ յունիսին, եւ ան կրնայ միանալ իր...

Էմպափէ Խուսափեցաւ  Ծանր Վնասուածքէ

Էմպափէ Խուսափեցաւ Ծանր Վնասուածքէ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ խուսափեցաւ ծանր վնասուածքէ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզաթերթերէն` «Լ՛Էքիփ»-ը: Տեղի ունեցած փորձերուն ընթացքին ան ձախ ոտքի վնասուածք ստացաւ: Քննութիւնները ցոյց տուին, որ ֆութպոլիստը խուսափեցաւ ծանր կոտրուածքէ: «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, անոր կազմը այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Մատրիտի: Այսօրուան այս...

Հերի Քէյն Գերազանցեց Թիերի Հանրին

Հերի Քէյն Գերազանցեց Թիերի Հանրին

Լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող անգլիացի միջազգային յառաջապահ Հերի Քէյն, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանին, Էվըրթընի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (5-0) իր նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ, «Փրեմիեր Լիկ»-ի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգներուն ցանկին մէջ գերազանցեց Արսենալի նախկին յառաջապահ, ֆրանսացի Թիերի Հանրի` բարձրանալով 6-րդ դիրք: Քէյն նշանակեց 176 կոլ, մինչ Հանրի նշանակած է 175 կոլ: Քէյն յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն անկասկած կրնայ գերազանցել...

Նշմար.  ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները  Տիրական  Ներկայութեամբ Փաստեցին Իրենք Զիրենք

Նշմար. ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Տիրական Ներկայութեամբ Փաստեցին Իրենք Զիրենք

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 6 մարտին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի քրոս քաունթրիի ախոյեանութեան մրցումները: Անոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 ակումբներէ շուրջ 300 երկսեռ մարզիկներ, որոնք մասնակցեցան 12, 14, 16, 18 եւ 20 տարեկան դասակարգի մրցումներուն: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսած այս մրցումները իրենց աւարտին հասան մարզիկներու մրցանակաբաշխութեամբ` ֆետերասիոնին անդամներուն կողմէ: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի...

Հայկական Ֆութպոլ.  Փիւնիկ Երեւան-Արարատ Արմենիա` 1-0

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Երեւան-Արարատ Արմենիա` 1-0

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արարատ Արմենիա, որ հիւրը եղաւ Փիւնիկ Երեւանին, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց փորթուգալցի 33 տարեկան յետսապահ Ուկօ Ֆիրմինօ` 51-րդ վայրկեանին: 19 մրցում կատարած Արարատ Արմենիա այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 47 կէտ, մինչ Փիւնիկ անկէ ետ կը մնայ միայն...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի 22 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականի Կազմը Յստակացաւ

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 22 Տարեկանէն Վար Հաւաքականի Կազմը Յստակացաւ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ յստակացաւ Հայաստանի 22 տարեկանէն վար կռփամարտի հաւաքականին կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Հաւաքականը Խրուաթիա պիտի մեկնի 11 մարտին` գլխաւորութեամբ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի: Անոր կողմէ նկատի առնուեցան հետեւեալ կռփամարտիկները. Գայեանէ Տէր Բարսեղեան (48 քկ), Արեւիկ Դոխոյեան (52 քկ), Էլիտա Քոչարեան (60 քկ), Սէյրան Եղիկեան (48...

Մարաշլեան Հրաւիրուեցաւ Ուրուկուէյի  Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Մարաշլեան Հրաւիրուեցաւ Ուրուկուէյի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Ամերիկեան Լոս Անճելըս Կալաքսիին մաս կազմող յառաջապահ Տիեկօ-Ռոսսի Մարաշլեան նախորդ շաբաթավերջին հրաւիրուեցաւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Փերուի (24 մարտ) եւ Չիլիի (29 մարտ) դէմ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն (Հարաւային Ամերիկայի գօտի): Ներկայիս Ուրուկուէյ 22 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը: Նշենք, որ Մարաշլեան ցարդ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ որեւէ մրցումի չէ մասնակցած:  

Մեքսիքական Ֆութպոլ.  Ախոյեանութեան Մրցումի Մը  Ընթացքին 17 Համակիր Մահացաւ

Մեքսիքական Ֆութպոլ. Ախոյեանութեան Մրցումի Մը Ընթացքին 17 Համակիր Մահացաւ

Նախորդ շաբաթավերջին Մեքսիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Քերեթարօ-Աթլաս մրցումին ընթացքին համակիրներուն միջեւ տեղի ունեցած զանգուածային հսկայ բախումին եւ մեծ ծեծկռտուքին պատճառով ոչ պաշտօնական տուեալներով մահացան 17 անձեր: Քերեթարօ նահանգին ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ բաւական մեծ դժուարութեամբ կրցած է կացութեան տէր դառնալ, մինչ արդէն իսկ զոհեր արձանագրուած էին: Մրցումը 62-րդ վայրկեանին ընդհատուեցաւ, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար ի նպաստ Աթլասի` 1-0 արդիւնքով: Անոր...

Շալքէ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Շալքէ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Գերմանական «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Շալքէ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Տիմիթրիոս Կրամոծիսին, անոր արձանագրած անբաւարար արդիւնքներուն պատճառով: Գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ անոր հետ պաշտօնանկ եղան նաեւ օգնական մարզիչ Սվեն Փիեփենփրոքը եւ բերդապահներու մարզիչ` Ուիլ Քուրթը: Նշենք, որ Կրամոծիսի իր պաշտօնը ստանձնեց մարտ 2021-ին: Շալքէ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը:  

Ռոնալտօ Մանչեսթըրեան Տերպիէն  Առաջ Մեկնեցաւ Փորթուգալ

Ռոնալտօ Մանչեսթըրեան Տերպիէն Առաջ Մեկնեցաւ Փորթուգալ

Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող փորթուգալցի 37 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մանչեսթըրեան տերպիէն առաջ մեկնեցաւ Փորթուգալ: Ռոնալտօ ազդրի վնասուածք ունէր եւ այս մրցումին համար նկատի չէր առնուած: Սակայն Փորթուգալ մեկնելու Ռոնալտոյի որոշումը զարմացուցած էր ակումբին ֆութպոլիստները եւ մարզիչները` նկատի առնելով մրցումին բաւական կարեւորութիւնը: Նշուեցաւ, որ անոր ներկայութիւնը մարզադաշտին մէջ կը նկատուէր բաւական կարեւոր` նոյնիսկ պահեստի մարզիկներէն հեռու ըլլալով:...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մարժապա` 5-2

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մարժապա` 5-2

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ Մարժապայի դէմ, արձանագրեց 5-2 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (կիսախաղ` 3-1): ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Վաչէ Ղուկասեան (7-րդ), Ժոզեֆ Նատեր (10-րդ), Քամալ Արաժ (16-րդ) եւ Հասան Պաժոք (35-րդ եւ 37-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ այժմ 27 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռիատի Արամուն` 0-4

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ռիատի Արամուն` 0-4

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի նահանգ) Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերը կատարեցին իրենց երրորդ մրցումը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը, կրեց 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը` Ռիատի Արամունէն: Իր կրած այս պարտութենէն ետք, ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը (4...

Page 416 of 1280 1 … 415 416 417 … 1,280

Արխիւներ