Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց Աթալանթան, Թեմի Ապրահամի նշանակած կոլին շնորհիւ (34-րդ) արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ իր միջազգային ասպարէզը աւարտած միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ա. Էս. Ռոմայի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+6-րդ) կարմիր քարտով մը հեռացաւ դաշտէն:
Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, այժմ 47 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը:


