Մարզական

Ֆութսալ.  Իսրայէլ-Հայաստան` 2-9

Ֆութսալ. 2024-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Պուլկարիա

Երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին, Հայաստանի ֆութսալի տղոց ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Պուլկարիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար ֆութսալի 2024-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սկովտիան, Պուլկարիան եւ Քոսովոն: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան:  

«Էն. Պի. Էյ.»  Լոս Անճելըս Լէյքըրզ Չկրցաւ Ապահովել  Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.» Լոս Անճելըս Լէյքըրզ Չկրցաւ Ապահովել Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան («ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ») ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Արեւմտեան շրջանին մաս կազմող խումբերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 121-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆէօնիքս Սանզի դաշտին վրայ: Նշենք, որ Լէյքըրզէն բացակայ էր վնասուածք ստացած Լեպրոն Ճէյմս: Անոր կրած այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան հանդիսանայ տասներորդ խումբը, որ չկարենայ ապահովել փլէյ օֆի մրցումներուն...

Լիվըրփուլի Պատմական Ցուցանիշը

Լիվըրփուլի Պատմական Ցուցանիշը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիվըրփուլ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, երբ Փորթուգալի մէջ պարտութեան մատնեց Պենֆիքան: Ասիկա Լիվըրփուլ ակումբի պատմութեան մէջ եղաւ պատմական ցուցանիշ մը, որովհետեւ անիկա օտար դաշտերու վրայ արձանագրեց իր 8-րդ յաջորդական յաղթանակը: Այս յաղթանակներու շարքը սկսած էր այս տարուան 20 յունուարին, Արսենալի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2-0) ընթացքին, Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի...

Եուվենթուս Մտադիր Է  Իր Կազմին Միացնել Տի Մարիան

Եուվենթուս Մտադիր Է Իր Կազմին Միացնել Տի Մարիան

Իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթին` «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ին համաձայն, Եուվենթուս մտադիր է իր կազմին միացնել Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Անխել Տի Մարիան: 34 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը փարիզեան կազմին հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ յունիսին, եւ ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը: Փարիզեան ակումբը անոր նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկեց: Ան 2015-ի ամրան ընթացքին Մանչեսթըր Եունայթըտէն տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն:...

Նէյմար Մտադիր Է Յառաջիկայ Տարեշրջանին  Եւս Մնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Նէյմար Մտադիր Է Յառաջիկայ Տարեշրջանին Եւս Մնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար մտադիր չէ յառաջիկայ ամառ փոխել իր ակումբը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը գոհ է Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ իր կեցութենէն եւ ներկայ փուլին չի մտածեր այլ կազմի մը միանալ: Հակառակ անոր որ անոր կազմը դուրս մնաց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, եւ ան իր համակիրներուն կողմէ դժգոհութեան...

Փոկպա` Դէպի Փարիզ Սեն Ժերմէ՞ն

Փոկպա` Դէպի Փարիզ Սեն Ժերմէ՞ն

Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող միջնապահ Փոլ Փոկպայի ապագան ցարդ կը մնայ անորոշ: Թէեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար առաջարկ մը ներկայացուց, սակայն ֆութպոլիստը կը նախընտրէ վերադառնալ Եուվենթուս, այս գծով յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ ֆրանսական ակումբը անոր աւելի քիչ աշխատավարձ առաջարկած է, քան կ՛առաջարկէ Եունայթըտ, եթէ ան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ: Թէեւ ան կը փափաքի վերադառնալ Եուվենթուս,...

Ռոնալտ Քէօման Յառաջիկայ Յունուարին  Պիտի Գլխաւորէ Նետերլանտներու  Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Ռոնալտ Քէօման Յառաջիկայ Յունուարին Պիտի Գլխաւորէ Նետերլանտներու Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ռոնալտ Քէօման պիտի գլխաւորէ Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը` իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 յունուար 2023-ին` 2022-ի Մոնտիալին աւարտէն անմիջապէս ետք: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2026-ի ամառը: Նշենք, որ Քէօման պիտի փոխարինէ Լուիս Վան Կաալը` նկատի ունենալով, որ վերջինս յայտարարեց, որ շագանակագեղձի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 6 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 17:00-ին: 14 յաղթանակ արձանագրած եւ 4 պարտութիւն կրած Տինամօ կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` Պէյրութի ետին, մինչ 4 յաղթանակ արձանագրած եւ 13 պարտութիւն կրած...

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական  Ախոյեանութիւն.  Գաբրիէլ Սարգսեան Եւրոպայի Ախոյեան  Հանդիսանալու Սեմին` Յաղթելէ Ետք  Ազրպէյճանցի Կատիմպայլիին

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Գաբրիէլ Սարգսեան Եւրոպայի Ախոյեան Հանդիսանալու Սեմին` Յաղթելէ Ետք Ազրպէյճանցի Կատիմպայլիին

Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին: Երէկ տեղի ունեցած 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Գաբրիէլ Սարգսեան բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ ճերմակ քարերով պարտութեան մատնեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցը` Ապտուլլա Կատիմպայլին` 27-րդ շարժումին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սարգսեան, ապահովելով 8 կէտ, գերմանացի Մաթիաս Պլուէպաումի հետ կը գլխաւորէ դասաւորման առաջին դիրքը: Անոնց...

Մարմնամարզութիւն.  Արթուր Դաւթեան Եւ Վահագն Դաւթեան`  Աշխարհի Բաժակակիրներ

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան Եւ Վահագն Դաւթեան` Աշխարհի Բաժակակիրներ

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի յառաջատար մարմնամարզիկներ` Արթուր Դաւթեան եւ Վահագն Դաւթեան հանդիսացան աշխարհի բաժակակիրներ: Յենացատկի մրցումներուն, Արթուր Դաւթեան 90 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը, 10 կէտով գերազանցելով երկրորդ հանդիսացած ուքրանացի Նազար Չեփուրնին: Իսկ օղակներու մրցումներուն, Վահագն Դաւթեան 85 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքը 80 կէտով գրաւեց թուրք Իպրահիմ Չոլաք, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Հայաստանի ներկայացուցիչ...

Աղջկանց Ֆութպոլ.  Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը  8-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը  Կրեց Սլովաքիայէն

Աղջկանց Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 8-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Սլովաքիայէն

Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը բաւական ծանր պարտութիւն մը կրեց Սլովաքիայէն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Գագիկ Տէր Գէորգեան: Նշենք, որ զտումի այս մրցումները տեղի կ՛ունենան Պոսնիոյ մէջ:    

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Քառորդ  Աւարտականի Երթի Երկու Մրցումներ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Քառորդ Աւարտականի Երթի Երկու Մրցումներ

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին երկու հանդիպումներ: Չելսի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը, մինչ երկրորդին Վիարէալ` Պայէրն Միւնիխը: Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:  

Ռէալ Մատրիտ Հրաժեշտ  Պիտի Տայ Մարսելոյին

Ռէալ Մատրիտ Հրաժեշտ Պիտի Տայ Մարսելոյին

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը մտադիր չէ երկարաձգել պրազիլցի իր յետսապահին` Մարսելոյի գործող պայմանագրութիւնը: 33 տարեկան ֆութպոլիստը համաձայն գտնուած է աշխատավարձի կրճատման, որպէսզի շարունակէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը արքայական ակումբին հետ, սակայն կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան չեն եկած: Անոր գործող պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի այս տարեշրջանի աւարտին: Մարսելօ 2007-ին պրազիլական Ֆլումինենսէէն տեղափոխուած էր Ռէալ Մատրիտ: Նշենք, որ...

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Փարիզ Սեն Ժերմենի Տպաւորիչ Յաղթանակը

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմենի Տպաւորիչ Յաղթանակը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Լորիանը, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը: Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմին հինգ կոլերը նշանակեցին Նէյմար (12-րդ եւ 90-րդ), Քիլիան Էմպափէ (28-րդ եւ 67-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (73-րդ): Այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով է, որ վերոնշեալ երեք ֆութպոլիստները մրցումի մը ընթացքին բոլորն ալ կը դառնան կոլի հեղինակ: Իր արձանագրած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Մըթայլեպ` 94-54

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Մըթայլեպ` 94-54

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ Մըթայլեպի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով, 94-54 արդիւնքով (կիսախաղ` 55-27, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ վերստին գրաւեց դասաւորման երրորդ դիրքը` արձանագրելով եօթը յաղթանակ...

Մալխաս Ամոյեան. «Թուրք Եւ Ազրպէյճանցի  Մրցակիցներուս Դէմ Արձանագրած Յաղթանակներս  Կը Նուիրեմ Քառօրեայ Պատերազմի Հերոսներուն»

Մալխաս Ամոյեան. «Թուրք Եւ Ազրպէյճանցի Մրցակիցներուս Դէմ Արձանագրած Յաղթանակներս Կը Նուիրեմ Քառօրեայ Պատերազմի Հերոսներուն»

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ 2 ապրիլին Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան իր թուրք մրցակիցին դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան` 77 քկ դասակարգին մէջ: Նախքան ոսկի մետալին տիրանալը, 23 տարեկան ըմբիշը պարտութեան մատնեց նաեւ իր ազրպէյճանցի մրցակիցը: Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, Եւրոպայի փոխախոյեան, աշխարհի անհատական բաժակի մրցաշարքի արծաթէ...

Կռփամարտ.  Հայաստան Տիրացաւ  5 Մետալի` Սերպիոյ Մէջ

Կռփամարտ. Հայաստան Տիրացաւ 5 Մետալի` Սերպիոյ Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչները իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան 5 մետալի (2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ): Ախոյեան հռչակուեցան Կարէն Տօնականեան (60 քկ) եւ Նարեկ Մանասեան (գերծանր կշիռ): Արթուր Բազէեան (57 քկ) եւ Նարեկ Մանասեան (92 քկ) տիրացան արծաթ մետալի, իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Համբարձում Յակոբեան...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կը Պատրաստուի  Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարքին

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարքին

Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը կը շարունակէ իր նախապատրաստութիւնը` 2024-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով: 2 ապրիլին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսած հաւաքը իր աւարտին կը հասնի վաղը` չորեքշաբթի: Նոյն օրը, հաւաքականը կը մեկնի Վառնա (Պուլկարիա), ուր զտումի մրցումներ ունի կատարելիք յաջորդաբար Սկովտիոյ (8 ապրիլ), Պուլկարիոյ (9 ապրիլ) եւ...

«Չեմփիընզ-Լիկ».  Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Քառորդ  Աւարտականի Երթի Երկու Մրցումներ

«Չեմփիընզ-Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Քառորդ Աւարտականի Երթի Երկու Մրցումներ

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին երկու հանդիպումներ: Պենֆիքա իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը, մինչ երկրորդին Մանչեսթըր Սիթի` Աթլեթիքօ Մատրիտը: Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Սպանական Ֆութպոլ.  Պենզեմա Հաւասարեցաւ  Տի Սթեֆանոյի Մրցանիշին

Սպանական Ֆութպոլ. Պենզեմա Հաւասարեցաւ Տի Սթեֆանոյի Մրցանիշին

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա նախորդ շաբաթավերջին կերտեց իր կազմին յաղթանակը, երբ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն տուպլէ մը իրագործեց` Սելթա Վիկոյի դաշտին վայ արձանագրուած յաղթանակին (2-1): Նշանակելով իր 216-րդ կոլը` 34 տարեկան Պենզեմա հաւասարեցաւ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյի հաստատած մրցանիշին, անոր հետ բաժնելով երրորդ դիրքը, ակումբին լաւագոյն ռմբաձիգներուն դասաւորման մէջ: Առաջին դիրքին վրայ...

Page 408 of 1280 1 … 407 408 409 … 1,280

Արխիւներ