Անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ը որոշեց յառաջիկայ տարեշրջանին խումբերուն արտօնել մրցումի մը ընթացքին հինգ փոփոխութիւն կատարել, սակայն
այն պայմանով, որ երկուքը պէտք է կատարել Ա. կիսախաղի դադարին:
Այս որոշումը տրուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ ժողով մը` «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատասխանատուներուն եւ ակումբներուն ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Որոշուեցաւ այս տարուան մարզիկներու ամառնային փոխանցումները Անգլիոյ մէջ սկսիլ 10 յունիսին եւ փոխանցումի դուռը փակել 1 սեպտեմբերին:
«Փրեմիեր Լիկ»-ի կայքը յայտնեց նաեւ, որ կը ջնջէ հաստատուած այն օրէնքը, ըստ որուն, ակումբներուն մարզիկները, մարզիչները եւ աշխատակիցները, երկու շաբաթը անգամ մը «Քորոնա» ժահրի քննութեան կ՛ենթարկուէին: