 Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Լեհաստանի դէմ, կրեց բաւական ծանր պարտութիւն մը` 12-0 արդիւնքով:
Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Լեհաստանի դէմ, կրեց բաւական ծանր պարտութիւն մը` 12-0 արդիւնքով:
Լեհաստանի Կտինիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը կ՛իյնայ Զ. խմբակի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հայրենի կազմը, որ կրեց իր 7-րդ յաջորդական պարտութիւնը, կը գրաւէ խմբակին վերջին դիրքը:
Նշենք, որ Արտակ Ադամեանի գլխաւորած կազմը այդ եօթը մրցումներուն ընթացքին իր բերդին մէջ ստացած է 58 կոլ, առանց նոյնիսկ կոլ մը նշանակել կարենալու:
 
			

