Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Տինամօ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ Տինամոյի յաղթանակով` 128-92 արդիւնքով (34-19, 28-22, 32-26 եւ 34-25):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սէրուժ Աւետիսեան, որ դաշտ ներկայանալով 28 վայրկեան նշանակեց 21կէտ:
Իսկ Տինամոյէն 24 կէտ նշանակեց խմբապետ Ճիմի Սալեմ:


