Ամերիկացի անուանի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմս կը պատրաստուի վերադառնալ թենիսի դաշտերը, այս մասին յայտնեց նոյնինքն ան, իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին:
40 տարեկան Սերենա թենիսի դաշտերէն բացակայ է յունիս 2021-էն ի վեր, երբ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին ընթացքին վնասուածք ստացաւ:


