Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նպատակ ունի երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ նշանակել Եոսիփ Կուարտիոլան:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, որ Կուարտիոլա կը նկատուի յարմարագոյն անձը, որ պիտի ըլլայ այժմու մարզիչ Թիթէն փոխարինողը:
Վերջինս 2022-ի Մոնտիալէն ետք պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Կուարտիոլային պիտի առաջարկուի մինչեւ 2026-ի Մոնտիալին աւարտը պայմանագրութիւն մը, տարեկան 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձով, առանց նկատի ունենալու տուրքերը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը կարծէ, որ առանց որեւէ խոչընդոտի հանդիպելու, շատ դիւրութեամբ կրնայ համաձայնութեան գալ սպանացի Կուարտիոլայի հետ:


