Հակառակ անոր որ ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ` Քիլիան Էմպափէ մտադիր է նոր ակումբի մը միանալ, սակայն անոր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմէն մեծ թափով կ՛աշխատի, իր կազմին մէջ պահել 23 տարեկան ֆութպոլիստին:
Ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ մայրաքաղաքի կազմը, բաւական գրաւիչ առաջարկ մը ներկայացուցած է իր ֆութպոլիստին:
Իր կազմին մէջ պահելու համար Էմպափէին, անիկա երկու տարուան համար պատրաստ է վճարել` 150 միլիոն եւրօ (տարեկան` 75 միլիոն եւրօ):
Ռէալ Մատրիտ, ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար, անոր կ՛առաջարկէ` 30 միլիոն եւրօ, ինչ որ բնականաբար այդքան ալ գոհացուիչ առաջարկ մը չէ անոր համար:
Անոր պայմանագրութիւնը Սեն Ժերմէնի հետ կ՛աւարտի 2022-ի ամրան:
Նշենք, որ ցարդ իր կատարած 38 մրցումին ընթացքին, Էմպափէ նշանակած է 28 կոլ եւ կատարած` 20 էսիսթ: