Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Աւստրալիոյ մէջ` երկրին ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող ֆութպոլիստներուն հաւաքականին դէմ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 25 մայիսին, Սիտնիի մէջ գտնուող «Աքոր» մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 80 հազար հանդիսատես:
Պարսայի ղեկավարութիւնը բաւական կարեւոր նկատեց այս մրցումին կայացումը Աւստրալիոյ մէջ, մանաւանդ որ անիկա տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ ըլլալով:


