Ռուսահայ 19 տարեկան թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ. -250» միջազգային բաց մրցաշարքին, յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք իտալացի Լուքրեցիա Սթեֆանինիի դէմ:
Նշենք, որ Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին վրայ, Աւանէսեանի անուան մօտ չէ նշուած անոր ո՛ր ազգին պատկանիլը` նկատի ունենալով, որ Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին որոշումով, այն մարզիկները, որոնք ռուսական հպատակութիւն ունին, իբրեւ չէզոք մարզիկ պէտք է մասնակցին միջազգային բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն` ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով:
Նշենք, որ Պոկոթայի մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 239 հազար ամերիկեան տոլար:


