 Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին վաղը, երբ տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ մրցումը:
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին վաղը, երբ տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ մրցումը:
Պէյրութեան այս տերպին, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ առաջինի դաշտին` Մանարայի մէջ:
Ռիատի ցարդ արձանագրած է 14 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն, իսկ Սաժես` 13 յաղթանակ եւ 4 պարտութիւն:
Նշենք, որ այսօր` շաբաթ, 9 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Աթլասը:
 
			

