Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 10 ապրիլին Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, կատարեց իր երկրորդ մրցումը` Պուլկարիոյ դէմ:
Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը, որ առաջին մրցումին 11-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր Սկովտիոյ դէմ, արձանագրեց զտումի իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ` 3-0 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, հայրենի կազմը ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, թէեւ այսօր մրցում մը եւս ունի կատարելիք Քոսովոյի դէմ:
Նշենք, որ Քոսովօ եւս արձանագրած է երկու յաղթանակ. առաջինը` Պուլկարիոյ դէմ (2-0), իսկ երկրորդը` Սկովտիոյ դէմ (4-1):