Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կ՛ուզէ երկարաձգել ակումբին մաս կազմող գերմանացի յառաջապահ Թոմաս Միւլըրի գործող պայմանագրութիւնը եւ արդէն իսկ այդ ուղղութեամբ անոր հետ սկսած է բանակցութիւններ կատարել:
Ըստ գերմանական մարզական մամուլին, անիկա 32 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկեց մինչեւ յունիս 2024 պայմանագիրի երկարաձգում մը` զայն յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը:
Նշենք, որ անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:
Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 37 մրցում, նշանակած 12 կոլ եւ կատարած 22 էսիսթ:


