Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նեման 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ՊԱԹԷ-ի դէմ:
Նեմանի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու` միջնապահ Գեղամ Կադիմեան: Ան 49-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Այս կոլը անոր համար հանդիսացաւ առաջինը` Նեման վերադառնալէն ետք:
Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 27 ապրիլին` Պորիսովի մէջ:


