Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի մաս կազմող լեհ 33 տարեկան յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի կը փափաքի գալիք ամրան ընթացքին տեղափոխուիլ Պարսելոնա, հակառակ անոր որ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը եւ լոնտոնեան Չելսին:
Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, քաթալոնական ակումբը Լեւանտովսքիին առաջարկած է երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, տարեկան16 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Ան այժմ կը ստանայ` տարեկան 22 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան ընթացքին ան իր կազմին հետ կատարեց 50 մրցում եւ նշանակեց 46 կոլ:


