Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն երէկ հրապարակեց Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականներուն կազմերը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 28 մայիսին Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ սկսելիք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ ողիմպիական խաղերու կրկնակի արծաթէ մետալակիր Սիմոն Մարտիրոսեան, որ մէջքի վնասուածք ունի, նշուեցաւ ողիմպիական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ:
Եւրոպայի այս ախոյեանութեան, տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Ռաֆիկ Յարութիւնեան, Կարէն Մարգարեան (81 քկ), Անդրանիկ Կարապետեան, Վարդան Մանուկեան (89 քկ), Արա Աղանեան, Դաւիթ Յովհաննիսեան (96 քկ), Սամուէլ Գասպարեան (102 քկ), Արսէն Մարտիրոսեան (109 քկ), Վարազդատ Լալայեան եւ Գոռ Մինասեան (109 քկ եւ վեր):
Իսկ աղջկանց հաւաքականին մաս կը կազմեն Իզապելլա Եայլեան (55 քկ), Տաթեւ Յակոբեան (76 քկ) եւ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան (87 քկ):
Այս ախոյեանութեան լաւապէս պատրաստուելու համար, Փաշիկ Ալավերդեանի գլխաւորած տղոց հաւաքականը երէկ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը` Աբովեանի մէջ, իսկ Արտաշէս Ներսիսեանի գլխաւորած աղջկանց հաւաքականը` Օլիմփիաւանի մէջ:


