«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ օֆի կիսաւարտական հանգրուանին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններուն աւարտական հանգրուանին հասած խումբերը:
Արեւելեան շրջանէն երկրին գործող ախոյեանը` Միլուոքի Պաքս, 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոսթըն Սելթիքսէն: Վերջինս աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Մայեմի Հիթը, որ իր յաղթանակը արձանագրեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ, 4-2 արդիւնքով:
Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականին, Տալաս Մավըրիքս 4-3 արդիւնքով յաղթեց Ֆէոնիքս Սանզին, իսկ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ` Մեմֆիս Կրիզլիզին, 4-2 արդիւնքով:


