Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբին ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ իրենք միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը կը նկատեն խումբին կարեւոր մէկ մասնիկը եւ յոյս ունին նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել 33 տարեկան հայ ֆութպոլիստին հետ, այս մասին յայտնեց «Քալչիոմերքաթօ»:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, Մխիթարեան կ՛ակնկալէ ստանալ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը` 4 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Ա. էս. Ռոմա պատրաստ է Մխիթարեանին առաջարկելու 2 տարուան պայմանագրութիւն մը, սակայն վերոնշեալ գումարով:
Երկու կողմերը այժմ կը փորձեն իրարու հետ համաձայնութեան գալ, մանաւանդ որ հայրենի ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը հռոմեան ակումբին հետ կ՛աւարտի 30 յունիսին:
Մխիթարեան, որ այժմ վնասուածք ունի, այս տարեշրջանին ցարդ իր կազմին հետ կատարած է 31 մրցում, նշանակած 5 կոլ եւ կատարած 6 էսիսթ:


